Dzirani Choir «ԾԻՐԱՆԻ» «ԾԻՐԱՆԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳ

Print this pagePrint this pageSend to friendsSend to friends

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃԻ «ԾԻՐԱՆԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳ

 Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճին, երէկ՝ ուրբաթ, 15 մայիս 2009-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քոլեճի «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբին համերգը։

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան։ Ան հաստատեց, թէ քոլեճը ի սկզբանէ կարեւորութիւն տուած է հայ երգին, եւ երգչախումբի մը գոյութիւնը քոլեճին մէջ նորութիւն մը չէ։
Քոլեճը ունեցած է իր երգչախումբը՝ 1940-ական թուականներէն սկսեալ։ Ան շեշտեց, որ երգչախումբը միշտ հանրութեան ներկայացած է հայկական երգերով, հայ երգին նկատմամբ ժողովուրդին մէջ սէր արթնցնելու նպատակով, ինչպէս նաեւ աշակերտութեան մէջ հայ երգին ճամբով հայկական հոգին զօրացնելու նպատակով։ Դոկտ. Մսըրլեան յայտնեց, որ այս տարի երգչախումբը մկրտուեցաւ անունով մը՝ աւելցնելով, որ նկատուեցաւ Հայ աւետարանական երիտասարդական միութեան ատենին գոյութիւն ունեցած «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբի անունը որդեգրել։
Այնուհետեւ աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ նախակրթարանի բաժինէն 39 աշակերտներէ բաղկացած երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Մարիա Փալազեանի, մեկնաբանեց հայերէն, անգլերէն եւ արաբերէն երգերու փունջ մը՝ արժանանալով ներկաներու գնահատանքին։
Աւարտին դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան շնորհակալական եւ գնահատական խօսքեր ուղղեց խմբավար Նեկտար Փալազեանին եւ իր դստեր՝ Մարիա Փալազեանին, ապա բեմ հրաւիրեց քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետ Ռուպինա Արթինեանը, որ յուշատախտակներ յանձնեց Նեկտար եւ Մարիա Փալազեաններուն։
Ձեռնարկը փակուեցաւ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յակոբ Սարգիսեանի օրհնութեան աղօթքով։

Sourced from: Chanitz

 

 

No votes yet

Comments

Post new comment

The content of this field is kept private and will not be shown publicly.
CAPTCHA
This is for testing whether you are a human visitor and to prevent automated spam submissions.
Image CAPTCHA
Enter the characters shown in the image.
Designed by Vako Nicolian